ՀԱՐՑ ԵՒ ՀԱՐՑՈՒՄ

(ԶՐՈՅՑ ԼԵԶՈՒԻ ՄԱՍԻՆ)

Կը զրուցեն՝ Իշխան Չիֆթճեան եւ Լուսինէ Աւետիսեան

Այս ենթաբաժինը բովանդակելու է երկձայն ու թերեւս բազմաձայն զրոյցներ ու հարցազրոյցներ գրականութեան կապուած նիւթերու մասին։

ՀԱՅԵՐԷՆ BLOG

 

%d5%a6%d6%80%d5%b8%d5%b5%d6%81

ԻՇԽԱՆ ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Հարց եւ հարցում.այս երկու բառերն էին, որոնք մեր գրական զոյգ լեզուներուն՝ արեւմտահայերէնին ու արեւելահայերէնին մէջ ունեցած իրենց գործածական տարբերութեամբ, առիթ եւ սկիզբ եղան այս զրոյցին ինծի համար: Ի վերջոյ տեղէ մը հարկ է սկսիլ: Նուրբ ու նրբին տարբերութիւն՝ արդարեւ:

«Հարց» ունի՞ս: Որ թարգմանի՝ «խնդիր» ունի՞ս: Պուրճ-Համմուտի (Պէյրութ) մեր թաղամասին մէջ պիտի հարցնէինք՝ «Ուզածդ ի՞նչ է»: Իսկ «հարցո՞ւմ»: Հարցում ունի՞ս: «Հարց»ը «հարցում» կը նշանակէ արեւելահայերէնի գործածական առաջին մակարդակով, որքան որ գիտեմ: Իսկ արեւմտահայերէնը զայն իբրեւ «խնդիր», «պրոբլեմ» կը հասկնայ… առաջին հերթին:

Տրուած օրինակը իսկապէս չնչին է: Եւ տրուած օրինակով սկիզբ առնելիք… հարցին նշանակութիւնը իր մէջ իսկ չէ: Այլ՝ իրմէ դուրս ու անդին: Հարց կամ հարցում՝ արդէն բառերը նոյնն են: Մէկը միւսը կը յիշեցնէ: Ճիշդ ինչպէս, թերեւս, շատ ու շատ բառեր ու ըսելաձեւեր, որոնք փոխ կ’առնուին արեւելահայերէնէն, կ’իւրացուին՝ պիտի ըսէի, ու կը գործածուին առանց չակերտի, առանց յատուկ նշումի: Ինչպէս, օրինակ, Հայաստան տեսած մեր սփիւռքահայ ուսանողներէն շատեր արեւելահայերէն շատ մը բառեր կը գործածեն, ժամանակի ընթացքին չակերտներն ալ կը հանեն: «Ոչի՛նչ»: Այսինքն՝ «բան չկայ», «վնաս չունի» (երկուքն ալ կան թէ թրքերէնին, թէ արեւելահայերէնին մէջ): Մեր ուսուցիչներէն ոմանք կը գործածէին՝ «Այսպէս ասած»։ «Երեւի» գործածողներուն թիւն ալ քիչ չէ: «Ինչ որ բան»երն ալ պակաս չեն: Դեռ այս օրինակները այնքան գրաբարեան են, որ ունին միաժամանակ դերը՝ երկու գրական լեզուներուն աղբիւրը՝ գրաբարը մեր աչքին առջեւ բռնելու: Մեր՝ այսինքն անոր գիտակցողներուն: (Դեռ չենք խօսիր թուիլ-թուալը, ժպտիլ-ժպտալը եւ իրենց դերբայերը՝ թուող-թուացող, ժպտող-ժպտացողը իրարու խառնող մեր հայրենակիցներուն մասին: Ատոնց մասին՝ աւելի ուշ):

Առաւելապէս խօսակցական լեզուին մէջ իւրացուած ու հոն ներկայ այս մանր-մունր բառերը, արեւելահայերէնէն արեւմտահայերէնին «անցած», բայց նոյնպէս ալ մամուլի էջերուն սփռուած, տպագրեալ հատորներու երկայնքին ու լայնքին տեղացիական ինքնութիւն ստացած՝ կը նշեն, անձամբ ինծի համար, արեւմտահայերէնին՝ ինքզինք չզգալու մէկ տկարութիւնը: Արեւմտահայերէնը տեղ մը ինքզինք չ’զգար: Իրմէ առաջ կը զգայ այն միւսը՝ իր ախպերը կամ քուրիկը: Ինչո՞ւ: Ի՞նչ պատահած է: Ի՞նչ տեսակի թերութիւն է այս: Բարդոյթի՞ հետեւանք: Ինչո՞ւ բարդոյթ: Արեւմտահայերէնին «ըսուա՞ծ» է՝ ուղղակի կամ անուղղակի, որ ինք ստորակայ է, օրինակ, որովհետեւ հայրենի հող չունի ոտքին տակ, եւ ատոր համար իր ունեցածը չգործածէ, չզարգացնէ եւ միւսէն առնէ:

Այս զրոյցին ընթացքին պիտի անդրադառնանք, յատուկ ծալքերով, այդ բոլոր… հարցերուն եւ հարցումներուն: Ի՞նչ պատահած է արեւմտահայերէնին, որուն հաճելի կը հնչեն կարգ մը ասոյթներ իր քրոջ բերնին մէջ ու զանոնք կը գործածէ, մոռնալով որ ինք ունի այս բառերը՝ «երեւի»ն՝ «կ’երեւի», «կը թուի» կամ «թերեւս» է, «ինչ որ ձեւով»ը՝ «ձեւով մը» կամ (ինչպէս մեր համեստ ուսուցիչը՝ Արտաւազդ Արքեպիսկոպոս Թրթռեան յաճախ կը կրկնէր)՝ «կերպով մը»։ Սակայն, ինչպէս ըսի վերը, ասոնք չեն բուն հարցերը:

Հիմա կարելի է մասնագէտներու խմբակի մը վստահիլ ու այս ցանկը ուղղախօսական վերջնական ձեւի մը մէջ դնել: Թէեւ այդ հարցը այնքան ալ դիւրին չի թուիր, սակայն այդ չէ այստեղ մատնանշուիլ ուզուածը:

Որո՞նք են այն պատճառները, որոնք ինքնանահանջի կ’ենթարկեն ու կը մղեն արեւմտահայերէնը: Ձեւով մը արգելք կը դառնան, որ ան ինքզինք լսէ, ինքն իր համը լիզէ: Հայաստանի վերանկախացումէն ետք գոյացած նոր սփիւռքեան գաղութները նաեւ արեւելահայերէնին ներկայութիւնն ու ազդեցութիւնը կը նշանակեն անշուշտ: Սակայն հայկական վարժարանները, անոնց ուսումնական խորհուրդները ի՞նչ նախաձեռնութիւններու ետեւէ եղած են անցեալ քանի մը տասնամեակներուն ընթացքին: Ի վերջոյ այն լեզուն որ պետական-ակադեմական հովանաւորութիւն չէ ունեցած օրէն, ունեցած է, սակայն, ինքզինք խնամելու մարմիններն ու ձեւերը՝ դասագիրք, մամուլ, գրականութիւն: Այժմ հանգուցեալ բարեկամ մը, տարիներ առաջ, առիթով մը կը պատմէր, թէ վաղամեռիկ քերթող՝ Պետիկ Հերկելեան (1954-1987) ժամերով կրնար Նարեկէն եւ արեւմտահայ այլ քերթողներէ ասմունքել: Ասմունքել՝ այսինքն լսել ու լսցնել լեզուն: Արդ, ճարտասանութիւնը, ընթերցանութիւնը, ասմունքը (որ ընդհանրապէս նախնական պայմաններու մէջ մնացած է Սփիւռքի մէջ) պահ մը մոռնալով, մենք ո՞ւր եւ ե՞րբ կը լսենք արեւմտահայերէն…: Որո՞ւ բերնին մէջ: Ի՞նչ առիթներով: Եթէ իւրաքանչիւր արեւմտահայախօս սփիւռքահայ ինքն իրեն ուղղէ այս հարցումը՝ պիտի ունենանք անշուշտ հետաքրքրական պատասխաններու շարք մը:

Այս հարցումները մէկդի ձգելով, ու անոնց վերադառնալու խոստումով, պահ մը կ’արժէ (արժէ…) ուղղուիլ դէպի Հայաստան ու հարց տալ, թէ հոն ի՞նչ կացութիւն կը տիրէ, ինչ կը վերաբերի արեւմտահայերէնին: Յարգելի Լուսինէ, Ձեր վերջին յօդուածով անհրաժեշտ վերբերումներ կատարած էիք, ի միջի այլոց  նաեւ անդրադարձած՝ Հայաստանի մէջ ու կողմէ արեւմտահայերէնի ոչ թէ հոգածու վերաբերմունքի մը անհրաժեշտութեան, այլ զայն իբրեւ սեփականութիւն ու սեփական հարստութիւն ընդունելու ու հասկնալո՛ւ գաղափարին, որքան որ հասկցայ Ձեր այդ միտքը: Մարդ իր ձեռքը ունի գանձ մը, սակայն տեղեակ չէ անոր գոյութենէն, անոր բերելիք սնունդէն: Հայաստանի քաղաքացիներուն, ապա նաեւ գիտնականներուն, մասնագէտներուն ու ակադեմականներուն քանի՞ տոկոսը գիտակից է արեւմտահայերէնին իբրեւ գրական լեզու գոյութեան: Այստեղ անշուշտ վիճակագրական տուեալներով չէ որ կ’աշխատինք, այլ մեր փորձառութենէն ու զրոյցներէն մեկնելով: Ի՞նչ է պատկերը արեւմտահայերէնին ու անոր ներկայութեան ի Հայաստան:

 

ԼՈՒՍԻՆԷ ԱՒԵՏԻՍԵԱՆ (14 յունուարի 2016)

Յարգելի Իշխան Չիֆթճեան, շնորհակալ եմ այս երկխօսութեան համար։
Նախ անդրադառնալով «հարց» եւ «հարցում» բառերի իմաստային տարորոշման եւ ճիշտ գործածութեան խնդրին, պէտք է ընդունել, որ իսկապէս առարկայական եւ ենթակայական պատճառներով այսօր առաւել խոցող է հնչում լեզուի նահանջի շահնուրեան եռահառաչ բանաձեւումը, թէ «կը նահանջէ լեզուն, կը նահանջէ լեզուն, կը նահանջէ լեզուն», որ պէտք է ընկալել որպէս եռա«յառա՜ջ» կոչնակ, որի լեզուակի ամէն զարկը՝ «կը նահանջէ լեզուն», ըստ էութեան հրաման է «ի զէʹն» եւ «յառաʹջ»։ Եւ կարծեմ պատահական չէ իմ բացատրութեան մէջ լեզուակի ու լեզուի զուգորդութիւնը, քանզի լեզուն գիտակցութեան, աւելի ստոյգ՝ ինքնագիտակցութեան ձայնարկուն է այնպէս, ինչպէս լեզուակը՝ զանգի։  Ձեր նշած երեւոյթը ոչ պակաս մտահոգիչ է, քան լեզուն կրողների օրէցօր բնականօրէն նուազումը: Ոչ միայն հոմանիշ բառերի հետզհետէ զեղչումը, այլեւ նոյնարմատ բառերի իմաստային նոյնացումը արագօրէն աղքատացնում են լեզուն։ Այս մասին ուզում եմ առաջարկութիւն անել։ Ես կարծում եմ, որ պէտք է յաճախակի վարել գրաւոր զրոյցներ կամ պարզապէս կատարել փոքրիկ հրապարակումներ «հարց» եւ «հարցում» բառազոյգի եւ նրա նմանների մասին՝ նշելով դրանց կիրառութեան դէպքերը ինչպէս արեւմտահայերէնում, այնպէս էլ արեւելահայերէնում։ Տեղին կը լինի նաեւ այդպիսի դասագիրք կազմել։ Այս եղանակը, համոզուած եմ, արդիւնաւէտ է, գոնէ լեզուի կիրառութեան նկատմամբ նախանձախնդիրների համար։

Դառնալով Ձեր յիշատակած՝ «Արեւմտահայերէնը ապրող, բազմասնուող եւ կենսատու լեզու» (առաջին անգամ՝ «Հետք», 22 դեկտեմբեր, 2015։ http://hetq.am/arm/news/64673/arevmtahayereny-aprox-bazmasnuox-ev-kensatu-lezu.html)  յօդուածում արտայայտածս մտքին, այո, բովանդակութիւնը դա էր։ Անառարկելի է, որ արեւմտահայերէնի բառապաշարը գրաբարեան բնական ապարների միջով հոսող եւ միջինհայերէնեան հողաշերտերից բխած աղբիւր է, եւ անխոհեմութիւն է այն անխնամ թողնելն ու կազդուրող նրա տարրերից մտածողութիւնը զրկելը։ Խօսքս հաւասարապէս երկու գրական ճիւղերի կրողներին է վերաբերում։

Նաեւ ակնյայտ իրողութիւն է, որ արեւմտահայերէնը նոյն բնական մղումով կարողանում է ոչ միայն ստեղծել բառ՝ որպէս գեղարուեստական բիւրեղ, այլեւ ճկունօրէն կերտել նորաբանութիւններ եւ հայերէն լիարժէք ու ինքնաբաւ եզրեր՝ այս հարցում լինելով ու մնալով խիստ սկզբունքային։

Տեսանելի է հեռանկարը։ Արեւմտահայերէնի կենսահիւթով առատօրէն սնուելով եւ միաժամանակ ամենահարազատ միջնորդի նրա պրիզման գործածելով՝ արեւելահայերէնը կը լցուի նոր կենսաուժով, իսկ մենք՝ արեւելահայերէն մտածող-խօսողներս, համաշխարհը կը դիտենք ու կը ճանաչենք արեւմտահայերէն թարգմանութեամբ, եւ որ ամենակարեւորն է, արեւմտահայերէնը կ’ամրանայ, կը պահպանուի եւ կը զարգանայ այդպիսով։ Արեւմտահայերէնը պիտի դարձնենք հայութեանը աշխարհի հետ կապող միջնորդ լեզու, եւ այս վեհ առաքելութիւնից զատ նա կը դառնայ առաջնորդող լեզու։ Արեւմտահայերէնին ներկայացնելիք այս «պահանջը», համոզուած եմ, կարող է վառելիքն ու կայծը դառնալ ահռելի մի շարժիչի, որը գործնականում կը կասեցնի նահանջը եւ մեր մշակոյթի շոգեքարշին կը ստիպի ուժերի նախնական գերլարումով առաջ ընթանալ՝տանելով հազարամեայ շքեղ ու խորհրդալից գանձով բեռնուած կառաշարը։ Այս հեռանկարը մօտեցնելով՝ կարելի է կանխավայելել արեւմտահայերէնը՝ որպէս Հայաստանի Հանրապետութիւնում արեւելահայերէնին հաւասարազօր ամէնօրեայ ընթերցումի եւ գիտութեան լեզու։ Իմ պատկերացրած ճանապարհով ընթանալով՝ արեւմտահայերէնի պահպանութեանն ու զարգացմանը ուղղուած ջանքերը անառարկայ եւ ինքնանպատակ քարոզ չեն յիշեցնի։ Հոգածութիւնը տեղին է, եթէ ապահովուած են սերմերի ծլարձակման համար անհրաժեշտ բոլոր պայմանները, այլապէս նմանւում է ասֆալտին շաղուած հատիկների վրայ ջրի եւ արեւի կենսատու ճառագայթների ապարդիւն հոսքի։

Ինչ վերաբերում է արեւմտահայերէնը գրական լեզու ընդունողներին, ապա հարկ է նշել, որ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիների մեծ մասը չի տարբերում դասական ուղղագրութիւնը գրաբարից, արեւելահայերէնը արեւմտահայերէնից, գրաբարը արեւմտահայերէնից, նոյնիսկ զարմանալիօրէն ականջալուր եմ եղել «սփիւռքահայերէն» տարբերակի։ Այսինքն՝ ընդհանրութեան մէջ հարցը գրական լեզուի որոշման մակարդակին չի հասնում։ Սակայն չի նշանակում, թէ դպրոցում, ապա բուհերի բանասիրական բաժիններում տեղեկութիւն չի տրւում այդ մասին։ Չէ՞ որ գոնէ դպրոցում ոչ միայն լսում են Դուրեանի, Մեծարենցի, Վարուժանի, Պարոնեանի, Զօհրապի անունները, այլեւ կարդում են նրանց ստեղծագործութիւնները։ Չի նշանակում նաեւ, թէ սիրիացի հայի հետ խօսելիս այդ չտարբերողները չեն հասկանում նրան, պարզապէս երեւի մտքներում յուրախութիւն իրենց արձանագրում են, որ իրենք «սփիւռքահայերէն» էլ գիտեն, այնպէս, ինչպէս կարողանում են տարբերել Արցախի եւ Գիւմրիի բարբառները։ Ուստի, Ձեր հարցումին պատասխանելով՝ աւելի առարկայական եւ իրականութեանը մօտ լինելու համար կարելի է ասել, թէ արեւմտահայերէնի՝ որպէս գրական լեզուի գոյութիւնը գիտակցում է Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիների հէնց այն մասը, որն ազատօրէն տեղաւորւում է մտաւորականների շրջանակում՝ գրեթէ դուրս չմնալով զուտ մասնագէտների տիրոյթից։

Շարն․ Ա․

 

Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն Blog-ի վարչութեան հետ:

 

 

 

 

Leave a comment