ՀԱՐՑ ԵՒ ՀԱՐՑՈՒՄ

(ԶՐՈՅՑ ԼԵԶՈՒԻ ՄԱՍԻՆ)
 Բ. ՄԱՍ

Կը զրուցեն՝ Իշխան Չիֆթճեան եւ Լուսինէ Աւետիսեան

%d5%a6%d6%80%d5%b8%d5%b5%d6%81

 

ԻՇԽԱՆ ՉԻՖԹՃԵԱՆ (19 Յունուար, 2016)

Ես ալ շնորհակալ եմ, անշուշտ, Ձեր ընդառաջումին համար:

Քանի Շահնուրին առթիւ «հառաչ» ու «յառաջ» նոյնահունչ (արեւմտահայերէն արտասանութեամբ) եւ գրեթէ նոյնահունչ (արեւելահայերէնով) բառերուն ակնարկութեամբ կը սկսիք, կ’ուզեմ անպայման ըսել, որ Շահնուրի այդ կարեւոր երկին գոյութիւնն իսկ «յառաջ» մըն է, թերեւս՝ աւելի քան երեք, նոյնիսկ եթէ հոն երեքէն շատ աւելի նիւթեր կան, որոնք «հառաչ» կը բովանդակեն: Ճակատագրական կարգ մը հարցերու (դարձեալ՝ հարցեր…) բիւրեղացման բերելու Շահնուրի արարքը, համարձակութիւնը՝ պիտի ըսէի, մանաւանդ այդ վէպով, նաեւ՝ այլապէս, Սփիւռքահայ Գրականութեան մղիչ ու մշտիչ ոյժ մը տուած է (եւ ի կարելիութեան է այդ ոյժը), որ պեղելի կը մնայ բոլոր սերունդներուն համար: Ինչո՞ւ չէ՝ նաեւ Հայաստանի՛ սերունդներուն համար, թէեւ հոն (ոչ միայն հոն…) Շահնուրի վերաբերեալ յատկապէս միայն «հառաչ»ի հունչն է տիրական, որովհետեւ, ըստ այս մտայնութեան, Սփիւռքը դատապարտուած է, ի ծնէ, նահանջին, կորուստին…: Եւ Շահնուրը կը բերուի իբրեւ (արեւելահայերէնի մէջ ամէն քայլափոխի գործածուող բառով մը՝) փաստ, նահանջի իրականութեան․ «Տեսէք, արդէն Շահնուր գծած է ձեր ճակատագիրը։ Փախուստ չունիք»։ Ասիկա շատ աժան մօտեցում մըն է։

Հառաչն ու յառաջը իրարմէ հեռու չեն բռնուիր: Ոչ թէ հառաչելով կը յառաջանանք, այլ հառաչին մէջ յառաջը կազմակերպելու կէտերը կը տեսնենք: Ամէն սերունդ, որ ձեռք պիտի առնէ այդ հատորը, հարկ է որ Շահնուրի քննադատութեանց դէպի առաջ մղող բնոյթը հասկնայ, ի միջի այլոց: Առանց հարցերը բարձրացնելու, յառաջացնելու, բարձունքի մը, կարկառի մը բերելու՝ պիտի «չըլլան» անոնք: Այսպիսի տքնութիւն մըն է նաեւ հոս այս զրոյցը, որ, ինչպէս Դուք ալ կ’ըսէք, հարկ է որ տեղի ունենայ, տեղ առնէ, տեղ գտնէ տարբեր շրջանակներու մէջ, ոչ իբրեւ «պարապ վախտի խաղալիք», այլ իբրեւ էութենական անհրաժեշտութիւն: Լեզուն է որ մեզ կը կոչէ անհրաժեշտաբա՛ր: Լեզուակը զանգակին մէջ մնալու է: Այլապէս չունինք ղօղանջ: Կրնան տարբեր ձայներ հնչել: Լեզուն ղօղանջ է, որեւէ ձայն չէ:

Դուք Ձեր յօդուածով ալ, հոս ալ, կը մատնանշէք, կրկին, արեւմտահայերէնին ունեցած ներքին հարստութիւնը, կարողականութիւնը: Քանի Ինտրա ուսումնասիրած էք, Ձեզի համար յստակ են արեւմտահայերէնին վրայ անոր կատարած բեղմնաւորման ու ծայրագնացման փորձերը, ըլլայ նորաձեւութեանց, ըլլայ բառակերտման իմաստով: Ի սկզբանէ, արեւմտահայերէնը զգայուն եղած է նաեւ օտար բառերու դիմաց «հայկական» առաջարկներ դնելու հոլովոյթի մը. բան մը, որ արեւելահայերէնին հոգը չէ եղած դժբախտաբար: Աւելին, արեւելահայերէնը արեւմտահայերէնին կողմէ արդէն իսկ թարգմանուած ու առաջադրուած շատ մը եզրերուն նկատմամբ անտարբեր ու խուլ է:

Դուք կը զգաք արեւմտահայերէնին նրբանալու, թարգմանելու, բացուելու կարողականութիւնը՝ Ինտրային, Եղիային, Վարուժանին եւ միւսներուն երկերուն մէջ: Սակայն ընդհանրացած երեւոյթներ չեն այս հեղինակներուն ուսումնասիրութիւնները այսօրուան անկախացեալ Հայաստանի գիտական-ակադեմական շրջանակներուն մէջ: Քանի՞ ուսումնասիրութիւն այս անուններուն ու անոնց գործերուն մասին կարելի է հաշուել, որոնք պատճառ դառնան աւելի լայն հետաքրքրութեան ու խանդավառութեան: «Հայ» գրականութիւն ըսելով «հայրենի»ն է որ միայն կը հասկցուի Հայաստանի սահմաններէն ներս, երէկ եւ այսօր: Թումանեանի մասին կատարուած տասը կամ քսան աշխատանքի դիմաց Վարուժանի վերաբերող մէ՛կ ուսումնասիրութիւն կը գտնե՞նք: Չի բաւեր քանի մը նմոյշ ունենալ դասագիրքերու մէջ, առնելու համար արեւմտահայերէնի համին նրբութիւնները: Արեւմտահայ գրականութեամբ զբաղող անհատներու թիւը շատ մեծ չէ: Այս է նաեւ պատճառը, որ արեւմտահայերէնը ինք գրեթէ բացակայ ըլլայ իբրեւ լեզու: Թերեւս շատ բան է պահանջածս, եթէ գրական երկու թեւերու ներկայացուցիչներ հաւասար ներկայութիւն ունենան Հայաստանի դասագիրքերուն մէջ։

«Լեզուն չի ներգաղթեր», ըսած է իրաւամբ սփիւռքահայ բանաստեղծ՝ Զուլալ Գազանճեան (1936-2009): Այսօր մեր վերնախաւն ու վարնախաւը, դուրս թէ ներս, ի կարողութեան չեն մարդկային ներգաղթ իսկ կազմակերպելու, ո՞ւր մնաց՝ լեզուի՛: Չի ներգաղթեր լեզուն, այո, սակայն զայն ոչ թէ որդեգրելու, ոչ թէ հրաւիրելու, այլ հայրենացնելու աշխատանքը կարեւոր է: Արեւմտահայերէնը հայրենացնել, հայրենական դարձնել, որովհետեւ ան հայրենիք մը (ոչ թէ՝ հայրենիքը) ստեղծելու տուեալները ունի, եթէ անոր ղօղանջին ունկնդիր ենք: Ան Կ. Պոլսոյ եւ Իզմիրի, Վենետիկի եւ Վիեննայի մէջ հայրենացման հոլովոյթներու փորձառութենէն անցած է: Ու հասած մեզի:

Մենք այդ ղօղանջին, մանաւանդ՝ արեւմտահայերէնով եկած ղօղանջին ճաշակը չունինք, ի Հայաստան, պայմաններու պակասին բերումով, իսկ Սփիւռքի մէջ՝ արեւմտահայերէնը ինքզինք լսելու համար դժուարութիւններ կ’ապրի, այդ դժուարութիւններով չի հետաքրքրուիր, ինչպէս վերը յիշեցի, որովհետեւ, առաջին հերթին, անոր ուսուցումը եւ անկէ ետք մանաւանդ՝ անոր վայելքը մնացած են պատահականութեանց ձեռքը: Մնայուն ծրագրումի չեն ենթարկուիր: Եւ ասիկա՝ տասնամեակներէ ի վեր: Պէտք է նկատի առնել, որ տասնամեակ մը ուսուցչութիւն կամ վարժարանի տնօրէնութեան պաշտօն վարած մանկավարժ վաստակաւորներ, որոնք կը յաւակնին ծրագրում կատարել, չունին կարողութիւնը, իրենց փորձառութիւնը կէտ առ կէտ, քար առ քար քով-քովի դնելով՝ գործնական առաջարկ ձեւաւորելու, կացութիւնը հասկնալով զայն դարմանելու համար: Ամլացումն ալ կրնայ ստեղծարար ըլլալ, եթէ գիտակցուի: Յիշել՝ հառաչին յառաջը:

 

ԼՈՒՍԻՆԷ ԱՒԵՏԻՍԵԱՆ (Յունուար-­Փետրուար, 2016)

 Գրականութիւնը լեզուի տարերքն է։ Լեզուն այնտեղ իր խելահեղ փոթորկումներն ու պոռթկումները, իր վերթեւումները, ինքնաճանաչումն ու աշխարհաճանաչողութիւնն է ապրում, բացայայտումների շաւիղներով ժողովրդին վերընծայելով նրա անկրկնելի դէմքը, որ արտացոլանքն է սեփական ներաշխարհի… Ինչպէս հացի, այնպէս եւ լեզուի համար կայ շաղախման եւ խմորման բնական տարածութիւն, որը լեզուն որպէս ինքնութիւն եւ ինքնագիտակցութիւն կրողների միջավայրն է, եւ այդ միջավայրի պահանջով են միմեանց մօտենում, հաղորդակցւում, հաղորդւում, համասեռւում տարրերը՝ որպէս ալիւրի փոշեհատիկներ, իսկ լեզուախմորի հասունացման վայրը գրականութիւնն է, որը վերստին լեզուի տէրերին ու ծառաներին է վերադարձնում ստեղծագործական քուրայով անցած անուշաբոյր լաւաշը՝ յագեցնելով Ոգու քաղցը։

Դարձեալ բարձրանալով զուտ վիճակագրական տուեալներ արձանագրելուց՝ կարելի է ներկայացնել պատկերը՝ հաւաստիացնելով, որ հիմա համեմատաբար աւելի շատ են արեւմտահայերէն գրականութեան ուսումնասիրութեամբ զբաղուողները, քան տասնամեակներ առաջ։ Սակայն հարցը շատ աւելի խորն է եւ բազում ենթահարցեր ունի։ Խնդիրները վերաբերում են նաեւ հայրենի գրականութեանը, գրականութեանն առհասարակ, դէպի ուր ընթացքը սկսւում է դպրոցից, եթէ ոչ օրօրոցից։ Որպէսզի դպրոցում եւ բուհում ուսումնասիրուի գրականութիւն, նախ անհրաժեշտ են լայն առումով փիլիսոփայութիւն, յստակ գաղափարախօսութիւն, որոնցով ուղղուորդուելով միայն կարելի է մշակել ծրագրեր, կազմել դասագրքեր, որոշել նրանցում ընդգրկելիք հեղինակներին, ապա՝ ընտրել նրանց յատկապէս այս կամ յատկապէս այն ստեղծագործութիւնները… Քաոսային կերպով ու կամայականօրէն կազմուած գրականութեան դասագրքերը անօգուտ են։ Նախկինում, ինչպէս փորձառութիւնն է փաստում, նրանք միշտ ենթակայ են եղել ու ծառայել են հասարակարգի պահանջներին։ Ձերբազատուելով այդ միտումներից՝ այնուամենայնիւ դեռ չենք յաղթահարել քաոսը, որ ընդգրկել է կեանքի բոլոր ոլորտները։ Եւ սա համընդհանուր երեւոյթ է։

Իմ համոզմամբ՝ գրականագիտական միտքը ենթադրում է յստակ չափանիշներ ու սկզբունքներ, որոնք ունակ են զատելու անանց արժէքները հպանցիկ ու պահով թելադրուած գործերից։ Իսկ դրա համար անհրաժեշտ է ընտրել նպատակը՝ յանուն ինչի է ստեղծուելու եւ ինչ ուղենշային առաքելութիւն է կատարելու դասագիրքը։ Յատկապէս գրականութիւնը, որ ներշնչանքի ու անհատական արարումի արդիւնք է, նոր սերնդի դաստիարակութեան գործում ինքնանպատակ չի կարող ներկայանալ, որովհետեւ այն ակնյայտօրէն կամ թաքուն կերպով զբաղւում է ներաշխարհի ձեւաւորմամբ, աշխարհայեացքի ընդլայնմամբ, յաւերժական արժէքների մատուցմամբ ու սերմանումով։ Օրինակ՝ որքան էլ Պերճ Պռոշեանը գրականութեան պատմութեան իր ժամանակաշրջանի համար ուշադրութեան արժանի հեղինակ է՝ ընկերային խնդիրների բարձրացման ու ներկայացման համատեքստում, այնուամենայնիւ այսօրուայ աշակերտի մտաւոր ու հոգեւոր զարգացման համար նա ուղենշային ու անկիւնաքարային այն գրողը չէ, որի ստեղծագործութիւններին արժի հանգամանօրէն անդրադառնալ, ուստի՝ ընդգրկել դասագրքերում։ Կամ որքան էլ Սիամանթոյի գրիչը ինքնատիպ կերպով կարողանում է այնքան կենդանի պատկերել սարսափելի իրադարձութիւնները, որ ակամայ ականատեսն ես դառնում դժոխային ոճրագործութեան, բայց եւ այնպէս դպրոցական դասագրքերում անհրաժեշտ է զետեղել ոչ թէ զոհասեղանին դրուած պարմանուհիների «Պարը», որն ընդգրկող «Կարմիր լուրեր բարեկամէս» գրքի մասին ընդհանուր տեղեկութիւնը բաւարար է, այլ «Սուրբ Մեսրոպ»ը, որ ամենախորհրդաւոր առնչութիւն է, սրբազան ծէս, ամենավեհ հաղորդութիւն՝ անհունօրէն մեծին, ազգային ոգու ներսը նայելու հրաւէր… Ճաշակ, գեղագիտութիւն, բարձր ու լայնախոհ մտածում, նուիրաբերումի զուարթութիւն եւ անանց փառքի ճառագում… Աշակերտի խոնարհութիւն եւ ձգտում, Ուսուցչի անգերազանցելի կերպար…

 Ոսկեդարու ադամանդեա՜յ բանալի,
Դո՛ւն՝հայ դպրութեանց անշրջանակ լուսամուտ,
Դո՛ւն՝ ճեմարան մարմարային մտածումի,
Ներէ´ որ քու աշակերտդ արբեցեալ,
Տասն եւ հինգ դարեր յետոյ զքե´զ պաշտէ։
Օշականէն մեզի հսկող Մտքի Աստուած,
Դո՛ւն՝ հասողութեան հիմնաքար,
Աստղերէն մեզ լոյս լեցնող ոսկեհասակ աշտարակ,
Ուր մեր ուղեղը մեզ կը ժպտի

(Սիամանթոյ, «Սուրբ Մեսրոպ», 1913)

Թէեւ անկախութեան շրջանում սովետական գաղափարախօսութեան պարտադրած չափանիշներից որոշակիօրէն հրաժարուել ենք, սակայն դեռեւս չունենք գրական ստեղծագործութիւնները գնահատելու եւ արժեւորելու նոր չափանիշներ, բայց եւ այնպէս գոյութիւն ունի գրականագիտութիւնը, կայ գրականագէտի նոր սերունդ, որի ուսումնասիրութիւնները, այնուամենայնիւ, գաղափարական առումով տարերային բնոյթ են կրում առայժմ։ Խնդիրն աւելի ընդգրկուն է, որովհետեւ ոչ միայն գիտական, այլեւ ընդհանրապէս կրթական համակարգին է վերաբերում։ Լեզուի եւ գրականութեան առնչութեամբ այն քննելով՝ կարելի է փաստել, որ թէեւ դպրոցական դասագրքերում միտում կայ ընդգրկելու հնարաւորինս մեծ թուով հեղինակների՝ չանտեսելով արեւմտահայերէնով ստեղծուած գրականութիւնը, այնուամենայնիւ դեռ այս դիտանկիւնից դասագրքերը, մեղմ ասած, անկատար են։ Դասագրքերը կազմողներն էլ տարբեր անհատներ կամ խմբեր են, եւ հեղինակների ընտրութեան հարցում յաճախ կողմնորոշւում են ըստ ենթակայական հանգամանքի։

Դասագրքերից աւելի եւ դրանցից առաջ կարեւոր են գրականութեան եւ լեզուի ուսուցչի մարդկային, անհատական որակները եւ գրական ստեղծագործութեան մատուցման կերպը, անձնական անընդգրկելի սէրը լեզուի հանդէպ, նրա գաղտնիքները բացայայտելու անզուսպ մղումը, փոքրիկ «գիւտերով» դասը ստեղծագործութեան վերածելու շնորհը։ Այս դիտանկիւնից երկրորդական են դառնում ծրագրերը։

Զուլալ Գազանճեանի խօսքին դառնալով՝ ուզում եմ ինչ-որ տեղ առարկել` «Լեզուն չի ներգաղթեր» միտքը այլ հարթութիւն տեղափոխելով…

Լեզու եւ ազգ հասկացութիւնները ոչ միայն գաղափարական մակարդակում են համեմատելի կամ նոյնական։ Լեզու բառն իր նախնական վիճակում նշանակել է ազգ։ Այդ նոյնութիւնը շատ պարզ երեւում է նաեւ այլ լեզուներում։ Օրինակ՝ ռուսերէնում լեզու բառը` язык, որ հնչում է եազիկ, ի-ն աւելի մօտ ը-ին, հին սլաւոներէնում նշանակել է ազգ, ժողովուրդ։ Սա պատահական բան չէ։ Թերեւս պատահականութիւն թուայ, որ այդ բառի հնչումը շատ մօտ է հէնց մեր «ազգ» բառին, որն ըստ Հ. Աճառեանի՝ պահլաւական փոխառութիւն է։ Այն, որ ազգի ինքնագիտակցութեան մէջ առաջին ու ամենակայուն արժէքը լեզուն է, հաստատում է նաեւ Աստուածաշունչը՝ ցոյց տալով տարբեր ազգերի ծագման իր վարկածը, որը շարադրուած է Բաբելոնի աշտարակաշինութեան առասպելում։ Ազգը ծագում եւ գոյութիւն է ունենում շնորհիւ լեզուի… Եւ այդուհետ ցանկացած ազգի ամենաապահով ապաստանը նրա լեզուն է, որը նրա մտածողութեան միակ անկողոպտելի կրիչն է…

Ինչպէս յօդուածում (http://hetq.am/arm/news/64673/arevmtahayereny-aprox-bazmasnuox-ev-kensatu-lezu.html) էի ընդգծել՝ Սփիւռքի հայի նոր սերունդների համար մի որոշակի ու ընդգծուած հեռանկար պէտք է յստակ ու տեսանելի դարձնել, եւ ոչ թէ քարոզել արեւմտահայերէնի պահպանումը, որ յաճախ կարող է ընկալուել որպէս լոկ ինքնանպատակ մի գործ։ Ջանքերը չպիտի նմանուեն մեռնողին հոգեդարձելու երեւոյթին, քանի որ մեր նպատակը ոչ թէ մի քանի տասնամեակով կեանքը յուսահատօրէն երկարացնելն է, այլ նրանում պարփակուած կենսական ուժերն ու աւիշը արթնացնելը, ակամայ անտեսուած ու լուսանցքում յայտնուած նպատակը ցուցանելը։ Մենք լեզուն արհեստականօրէն պահպանելու խնդիր չունենք, մենք այն բնական ճանապարհով կենսունակ պահելու եւ աւելի զարգացնելու խնդիր պէտք է լուծենք։

Հայաստանը լինելով փոքրիկ երկիր՝ ունի հզօր մի զէնք, որ Սփիւռքն է։ Աշխարհի բոլոր երկրներում հայեր կան։ Եթէ մենք մտածում ենք, թէ վերջնական նպատակը հայութեանը Հայաստանում հաւաքելն է, սխալւում ենք։ Մեր նպատակը պիտի լինի հզօր Սփիւռք ունենալը, Հայաստանը պիտի օգնի այդ հարցում։ Իսկ դրա համար պէտք է վերացնել բոլոր խոչընդոտները հայերի միջեւ։ Դրան պիտի նպաստեն ուղղագրութիւնը, գրականութիւնը, տեսակի ճանաչումը, Հայաստանի բոլոր վճռական որոշումներում, ընտրութիւններին ու հանրաքուէներին Սփիւռքի գործուն մասնակցութիւնը։ Հայաստանի եւ Արցախի համար անելանելի թուացող իրավիճակում Սփիւռքն ունակ է եւ պէտք է լինի այն ուժը, որ կարող է դուրս բերել հայրենիքը վտանգից՝ օգտուելով իր դեռ ամրացուելիք յենման կէտերից…

Եւ ուրեմն, ներգաղթողը ոչ թէ լեզուն պէտք է լինի, այլ ազգը՝ դէպի լեզուն՝ իր ամենաապահով ապաստանը…

Յօդուածներից մէկում (http://hetq.am/arm/news/65913/nergaxt-depi-lezun.html) նաեւ ընդգծել եմ այն գաղափարը, որ «Նահանջը տեղի է ունեցել օտարացման ճանապարհով՝ մտածողութեան ու լեզուի ցաւատանջ օտարման։ Վերադարձը լինելու է նոյն ճանապարհով՝ օտար եզերքից դարձով դէպի սեփական մտածողութիւնը, սեփական լեզուն ու լեզուամտածողութիւնը։ Դրա լաւագոյն եղանակը թարգմանութիւնն է…

Թարգմանութիւնը օտար ափերում ներգաղթ է դէպի Հայրենիք։ Թարգմանութիւնը դարձ է հէնց ուղիղ իմաստով, քանի որ նրա նպատակն է նախ թարգմանողին «ստիպել» սեփական միտքը վերածել հայերէնի։ Թարգմանիչը վերստին հայացողն է ու հայացնողը։ Որքան շատ թարգմանիչներ լինեն հայրենիքից դուրս, այնքան շատ հայացողներ ու հայացնողներ կ’ունենանք սահմաններ չունեցող մեր հայրենիքի համար։

Թարգմանել հայերէն, նշանակում է ուղղութիւն վերցնել դէպի հայերէն, հետեւել «կողմնացոյցին» եւ մտածողութիւնը յստակ ուղղել ըստ հայերէնի…։

Սա իսկապէս ռազմավարական հարց է, որ լուծում է մի շարք խնդիրներ միաժամանակ. ե՛ւ լեզուն է կենդանի մնում ու զարգանում, ե՛ւ աշխարհի հետ հաստատւում է գործուն ու ներգործուն կապ, ե՛ւ Հայաստանում է արեւմտահայերէնը ակտիւօրէն գործածւում, քանի որ բնական ճանապարհով դառնում է գրի ու գիտութեան լեզու։ Պէտք է մշակել յստակ քայլերի ծրագիր, ես պարզորոշ տեսնում եմ այդ քայլերը։ Այսօր առաւել քան երբեւէ անհրաժեշտ է Սփիւռքի աշակերտների հետ տանել յատուկ աշխատանք, ապա եւ պարտադիր է ստեղծագործող աշակերտների ներկայութիւնը միջին եւ աւագ սերնդի գրող-թարգմանների կողքին։ Անհնար է համաձայնել այն մտայնութեանը, թէ Սփիւռքը ի ծնէ դատապարտուած է մահուան։ Հնարաւոր ու անհնարին ամէն ինչ պէտք է անել այդ մտայնութիւնն ի դերեւ հանելու համար։ Իսկ Սփիւռքի շօշափելի հայրենիքը առայժմ լեզուն է։ Ինչպէ՞ս եմ պատկերացնում վերադարձը դէպի լեզու, եւ ի՞նչ կարելի է անել ի նպաստ, շատերի պէս ինձ եւս յուզող հարցեր են, եւ կարելի է փորձել նախ «հնարաւոր ամէն ինչ»ից։ Օրինակ, ինչպէս իմ եւ Ձեր մասնաւոր զրոյցներից մէկում եմ նշել, սկզբի համար ես նպատակադրուել եմ հիմնել առայժմ էլեկտրոնային մի պարբերական (այն արդէն պատրաստ է եւ, յուսամ, շուտով կը ներկայանայ հետաքրքրուող հանրութեանը), որտեղ կը զետեղուեն Սփիւռքի դպրոցների աւագ դասարանների աշակերտների ոչ մեծ թարգմանութիւնները։ Այնտեղ կը կազմակերպուեն շարադրութիւնների մրցոյթներ։ Նաեւ կ’առաջադրուի նրանց երկրորդ լեզուով գրական որեւէ երկի՝ մայրենիով վերլուծութիւն, սեփական մօտեցմամբ… եւ շատ ուրիշ հետաքրքիր աշխատանքներ… Այդպիսով, պէտք է երկու լեզուների նժարները հաւասարակշռել եւ մայրենին դուրս բերել օտար լեզուի կարգավիճակից… Այս ամէնից զատ՝ դպրոցներում պիտի յատուկ այս նպատակի համար նախատեսուած այլընտրանքային դասագրքեր եւ վարժութիւնների տետրեր պատրաստուեն։ Նաեւ այդ տետրերն ու դասագրքերն եմ պատկերացնում։ Դրանք կ’ապահովեն աշակերտների մուտքը թարգմանչական աշխարհ, եւ անկախ նրանց ընտրելիք մասնագիտութիւնից, նրանք կը դառնան իրենց ոլորտի մասնագիտական գրականութեան լաւագոյն թարգմանը միաժամանակ։ «Ազգային ոգին բարձր պահենք», «Խօսենք հայերէն», «Տասը միլիոն հայ ենք» եւ այլ կարգախօսներով ու հրամցուող տպագիր հատորներով չես կարող հայերէնը պահել, այն պիտի ի գործ դրուի՝ ստեղծագործական ներուժը արթնացնելով, մտքի ջաղացն աշխատեցնելով, «ջաղացքարը» սեփական աշխատանքով պտտելով. աշխատանքը ջուրն է, ջաղացքարը՝ միտքը, միտքը բացարձակ կերպով հաւասար է լեզուին, իսկ լեզուն հէնց ինքնութիւնն է։ Աշակերտը մայրենիի իւրաքանչիւր դասաժամի պիտի ունենայ առիթ՝ իր հարազատ լեզուով ստեղծած փոքրիկ երկի ծնունդը վայելելու, իսկ թարգմանութիւնը նոյնպէս ստեղծագործութիւն է, որն այս պարագայում այն յենման կէտն է, որ հրելու է միտքը դէպի սեփական լեզուով ինքնուրոյն մտածողութիւն։ Ապա ընտրուած հատուածի թարգմանութիւնների համեմատութեան մէջ կարելի է գտնել լաւագոյն տարբերակը, որոնել դիպուկ բառը, ընտրել նրա ամենապատշաճ հոմանիշը, փորձել գտնել դարձուածքների հայերէն համարժէքները… այլապէս անօգուտ է… Դիր ու սովորիր, թէ քանի խօսքի մաս ունի հայերէնը, յիշիր բայի սահմանումը, բայածանցները, նրանց տեսակները, գոյականի քերականական կարգերը, նրանց առանձնայատկութիւնները, քանի տեսակի թուականներ կան հայերէնում, որոնք են դերանունները… Սրանք սովորելը ձանձրալի է եւ, որ անկեղծ ասեմ, աւելի է հեռացնում մայրենիից… Մինչդեռ հետաքրքիր աշխատանքի ընթացքում աշակերտներն ակամայ սովորելու են նաեւ այս ամէնը։ Լեզուն կենդանի օրգանիզմ է եւ պէտք է կենդանի մնայ մտքի մէջ ու լեզուի վրայ, ոչ թէ ժամանակ առ ժամանակ վերակենդանանայ մայրենի լեզուի դասաժամերին՝ որպէս յիշողութիւնը ծանրաբեռնող սահմանումների ամբողջութիւն, կամ բացուի երբեմնակի՝ յոբելեանների առնչութեամբ՝ որպէս յիշողութեան մէջ ամրագրուած բանաստեղծութիւնների յուշամատեան, լեզուից մնացած յիշատակ, թէ՝ «Մենք քիչ ենք, սակայն մեզ հայ են ասում…» եւ կամ՝ «Թէ մօրդ անգամ մտիցդ հանես, / Քո մայր լեզուն չմոռանաս»…»։

Շարն․ Բ․

 

Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն Blog-ի վարչութեան հետ:

 

 

Leave a comment