ՀԱՐՑ ԵՒ ՀԱՐՑՈՒՄ

(ԶՐՈՅՑ ԼԵԶՈՒԻ ՄԱՍԻՆ)
Գ. ՄԱՍ

Կը զրուցեն՝ Իշխան Չիֆթճեան եւ Լուսինէ Աւետիսեան

%d5%b0%d5%a1%d6%80%d6%81-%d5%a5%d6%82-%d5%b0%d5%a1%d6%80%d6%81%d5%b8%d6%82%d5%b4

ԻՇԽԱՆ ՉԻՖԹՃԵԱՆ

(Նախքան նիւթերուն անցնիլը, կ’ուզեմ ընդգծել հոս սա երկխօսութեան կարեւորութիւնը. երկձայն զրոյց մը՝ «հայրենի»ի մը (Դուք իբրեւ արցախցի մը, Հայաստան փոխադրուած) եւ սփիւռքահայու մը միջեւ: Առիթով մը գրած եմ, որ երբ կը խօսուի բոլոր հայերու հայկական ինքնութեան հաւասարութեան մասին, այդ հաւասարութիւնը քարոզչականէն անդին արժէք մը պէտք է ունենայ: Բայց որովհետեւ այդ հաւասարութիւնը իրողապէս չկայ, եւ բնական է որ չըլլայ, չկայ նաեւ անոր մասին զրոյցը: Այդ զրոյցը բոլոր տեսակի հայերուս միջեւ հարկ է որ տեղի ունենայ: Հայ-թուրք զրոյց մը եղաւ, ցեղասպանութեան մասին, քանի մը տարի առաջ, ու հատոր ալ հրատարակուեցաւ (Ահմետ Ինզէլ-Միշէլ Մարեան), սակայն հայաստանցի-սփիւռքահայու (աս պարագային՝ արցախցի-սփիւռքահայու) միջեւ զրոյցի մը պարագան ինծի ծանօթ չէ: Գուցէ հարկը չկայ այս յիշեցումին, ինչպէս շատ մը ուրիշ բաներու…: Մեր բնականաբար ունեցած տարբերութիւններուն հանդէպ ու անոնց մասին չխօսելու վախը շատ վտանգաւոր է, ինչպէս «ազգային միութեան» դատարկ քարոզչութիւնը: Խօսքը իրաւունք կու տայ ինքն իրեն բանալու բոլոր վախերուն եւ քարոզչութեանց ծալքերը: Զրոյցը կրնայ նման նպատակներ ալ ունենալ):

Ձեր առաջ դրած հարցերուն կ’ուզեմ հետեւեալ կէտերով անդրադառնալ.-

 

Ա. Ժողովուրդ-գրականութիւն առուտուրը

Նիւթը հին է: Ո՞վ զո՞վ…կ’առաջնորդէ: Կամ ի՞նչ յարաբերութիւն երկու կողմերուն միջեւ: Ժողովուրդը կար գրականութենէն առաջ, հարկաւ: Բայց եկէք Յովհաննէս Մկրտիչին խօսքն ալ չմոռնանք… «…Զկնի իմ գայ այր որ առաջի իմ եղեւ, զի յառաջ իսկ էր քան զիս» (Աւետարան ըստ Յովհաննու, Ա. 30): Եթէ նոյնիսկ բռնազբօսիկ թուի այս համեմատութիւնը, ըսել ուզածս ընդհանրապէս առաջիններու երկրորդացումներուն կը վերաբերի, որ պատմութեան մէջ շրջումներու օրէնքն է:

Գրականութիւնը իբրեւ հում տուեալ կու գայ ժողովուրդին սրտէն, բայց կը մարզուի այդ սրտէն թերեւս շատ հեռու, հեռաւոր կամ մօտաւոր տարրալուծարաններու (լապորաթուար) մէջ: Ձեր պարագային՝ Արցախի մամիկներու բերնին մէջ որքան հում գրական տուեալ կար ու կայ. իմ պարագայիս՝ Պուրճ-Համմուտի իմ սկզբնական աշխարհիս մէջ որքան գրականութիւն կար ու կայ: Գրականութիւնը ամէնուրեք է, բայց տարրալուծարաններ, – մեր պարագային անոնք կրնան Եդեսիա, Բիւզանդիոն-Կ. Պոլիս, Դորպատ, Մոսկուա, Ժընեւ, Պոլիս, Թիֆլիս եւ այլ անուններ ունենալ,- յղկումի կեդրոններ են, որոնք հողին, Երկրին, տոհմիկին, հայրենիին հետ կապը մասամբ կը հեռացնեն. պարզապէս որովհետեւ ամէն աճում հեռացում մըն է ինքնին: Նման մտահոգութեան մը՝ հեռացումին վերացման տագնապի մը արդիւնքն է «հայ հոգի»ի փնտռտուքը, Պոլսոյ «Մեհեան» հանդէսին շուրջ (1914): Նրբութիւններու, Ձեր ակնարկած «վերթեւումներուն» գացած ու անոնց ձգտումն ունեցող գրականութիւնը պահ մը կ’անդրադառնայ իրեն ծնունդ տուած աշխարհին ու անոր հանդէպ հարազատ ըլլալու կամ չըլլալու իր վիճակին: Այս ետդարձը, կամ թերեւս՝ երթուդարձը, կարեւոր է, ժողովուրդ-հող-գրականութիւն առուտուրը կենսակազմակերպելու համար: Բայց ինչպէս քաղաքակրթութեան մէջ, ընդհանրապէս, միայն մէկ ուղղութիւն կայ՝ դէպի առջեւ: Մասնակի ետդարձի, տեղքայլի, եթէ կ’արտօնէք՝ նահանջի (որպէսզի տեսնենք բառերուն մէջ աճող ու ապրող նրբութիւնները) մասին էր խօսքը: Ամբողջական ետդարձ չկայ:

Ուրեմն, լեզուին մարմնակրթական բոլոր փորձերը, զարգացումներն ու աճումները տեղի կ’ունենան գրականութեան մէջ: Այս կէտին մէջ համաձայն ենք: Սակայն որոնումով գալիք յօրինումները կրնան շատ տարբեր ըլլալ եւ են: Տարբեր աղբիւրներու ջուրերը, համերը՝ Հայաստան կամ Սփիւռք շատ տարբեր կրնան ըլլալ ու են ալ: Տեսակաւորութիւն ընդդէմ տեսակի միութեան՝ պիտի դնեմ: Բազմակին՝ իբրեւ կարելիութեանց սրում: Այսինքն, թոյլ տուէք առարկել, որ մէ՛կ գաղափարախօսութեան վրայ չձեւուին դասագիրք կամ գրականագիտութիւն ընդհանրապէս, այլ ըլլան ազատ ու բազմաթիւ մօտցումներ։

 

Բ. Դասագիրք ու դաստիարակութիւն

Արեւմտահայ Գրականութեամբ այժմ աւելի շատեր կը զբաղին ի Հայաստան, քան նախապէս, տասնամեակներ առաջ, կ’ըսէք: Չեմ գիտեր, վստահաբար ճիշդ ըլլալով հանդերձ՝ գոհացուցի՞չ է այս տուեալը: Հոս հետաքրքրուողներու թուաքանակը միայն կարեւոր չէ, այլ արեւմտահայ գրականութեան համահաւասար ներկայութիւնը: Այսինքն՝ տաս արեւելահայ գրողին դիմաց՝ ճի՛շդ տաս արեւմտահայ գրող բովանդակէ դասագիրք մը: Կարելի՞ բան է: Պատասխանը Դուք պէտք է տաք: Ընդհանուր ուսումնական ծրագրին՝ դասագրքայինին, համալսարանականին եւ այլոց մէջ միտումնաւոր ներկայութիւնն ու բաշխումը նիւթերուն, հաւասարութեան նոյն սկզբունքով՝ անկարելի՞ է: Այսպիսի «արդարութիւն» մը ընդմէջ արեւմտահայ եւ արեւելահայ գրականութեանց զիս կը հետաքրքրէ: Թէ՛ Հայաստան թէ՛ Սփիւռք: Ինծի ծանօթ ու մեր օգտագործած դասագիրքերը՝ Բ. Թաշեանի «Հայկարան»ը եւ Մ. Իշխանի «Հայ Գրականութիւն»ը, երեք հատոր, ունին որոշ չափով հաւասարակշռութիւն մը, այս իմաստով: Չեմ արդարացներ այդ գործերը: Որոշ չափով մը՝ կ’ըսեմ: Յստակ է, որ այս կամ այն հեղինակին գործը հանելու կամ ուրիշը դնելու տրամաբանութիւն մը ի գործ կրնայ դրուիլ։ Լաւ կը յիշեմ, թէ Սունդուկեանի կամ Շիրվանզադէի աշխարհները մասամբ զգալի ըլլալով հանդերձ մեր աշխարհին շատ օտար էին ատենին։ Ինչո՞ւ։ Որովհետեւ դասատուն այդ աշխարհը չէր կրնար բանալ մեզի։ Հաւանաբար։

Ուսուցիչի որակ, իտէալական մթնոլորտ, լեզուի սէր, գրականութեան պաշտամունք: Որոշ տեղ մը կարեւոր են: Կը յիշեմ Պօղոս Սնապեանի (1927-2014) մէկ խօսքը, թէ Յ. Օշականի (1883-1948), որուն ինք աշակերտած էր Երուսաղէմ, բոլոր աշակերտները չէին որ գրող կը դառնային կամ գրականութեամբ կը զբաղէին. բայց բոլորը կամ շատերը կը հետաքրքրուէին, կը խանդավառուէին գրական կամ ազգային հարցերով: Յուսամ ճիշդ կը յիշեմ Սնապեանի խօսքը: Մօտաւորապէս այս էր ըսածը: Աշակերտը խանդավառել ուսուցիչին գործը պիտի ըլլայ: Բայց ամէն տեղ խանդավառող կամ «լաւ» ուսուցիչ փնտռելը ճիշդ չէ: Պատրաստուած ուսումնական ծրագիրը, որ միշտ վերանայման կ’ենթարկուի, մանկավարժական մեթոտներով կը վերանորոգուի, ուսուցիչներն ալ կը մղէ ինքնավերանորոգման կամ խմբական վերանորոգութեան, յատուկ ձեռնարկներով:

Կրակը, սէրը, հակումը, իտէալը, արժէքը դպրոցին կամ համալսարանին մէջ, սակայն, հարկ է որ կիսուին, քերցուին ու անոնց մէջ մտնէ թարմ եւ ուրիշ խաւ մը, որ անոնց կը բերէ նաեւ միւս կողմէն՝ առարկայականութենէն (նշուածները բոլորը ըլլալով ենթակայական – Հայաստան մինչեւ այսօր անամօթաբար կ’ըսէք՝ օբյեկտիվ եւ սուբյեկտիվ), գիտականութենէն տուեալներ: Այսինքն ոչ թէ միայն տուեալ ուսուցիչին վերլուծումով խանդավառուիլ ու անոր հետեւիլ, այլ նաեւ ընդհանուր հարթակ մը ունենալ, որ անանձնական է:

Ուսուցանողի կերպարին մասին կատարած Ձեր ակնարկութիւնը ինծի հետեւեալ երեւոյթը կը յիշեցնէ նաեւ: Սպասելի է, որ հայաստանեան համալսարանական շրջանակները միջազգային ու հանրածանօթ ակադեմական դէմքերու այցելութիւնները ընդունին: Ասիկա արդիականութեան չափանիշ չէ անպայման, բայց ձեւով մը կապ մըն է աշխարհի մտաւոր հորիզոններուն հետ: Եթէ արեւմտեան աշխարհէն այցելութիւնները քաղաքականապէս ողջունելի չեն, կարելի է ռուսական կամ Արեւելեան Եւրոպայի կողմերէն նման տիպարներու ներկայութիւնը յուսալ: Բայց կացութիւնը քիչ մը մտահոգիչ կրնայ թուիլ, երբ ըսեմ որ արեւմտեան աշխարհէն ժամանող սփիւռքահա՛յ ակադեմականներ իսկ համալսարանական մակարդակի վրայ ելոյթ չեն ունենար, այլ միայն այս կամ այն խմբաւորման դասախօս-հիւրը կը դառնան․․․:

 

Գ. «Լեզուն չի ներգաղթեր»

Համաձայն եմ Ձեր ազգ-հայրենիք-լեզու եռամիասնութեան գաղափարին, իբրեւ Բաբելոնէն բերուած… գանձ: Դուք աւելի հեռու ալ կ’երթաք.- ոչ թէ դէպի հող-հայրենիք կը նշանակէ բուն ներգաղթը, այլ դէպի լեզո՛ւ-հայրենիք: Ներգաղթին կու տաք դէպի ներս, դէպի ամենէն ապահով՝ ներքնագո՛յն գաղթի իմաստ մը (թէեւ Զուլալ Գազանճեանի ըսել ուզածը այս չէ եւ կը վերաբերի Հայաստան «ներգաղթելի» արեւմտահայերէնին): Եթէ դէպի լեզու ներգաղթը իրագործուի՝ ազգային ամենէն ապահով կռուանը ըմբռնուած կ’ըլլայ ի վերջոյ: Ասիկա սակայն՝ քաղաքական ծրագի՞ր: Տեսէ՛ք Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքականութեան հետաքրքրութիւնները, անոր սահմաններն ու սահմանումները: Հոն լեզուին ընդհանրապէս, կամ լեզուին՝ Ձեր ըսած իմաստով, որքա՞ն եւ ի՞նչ տեղ ու դեր տրուած է: Լեզուն օգտագործել իբրեւ ազգային-քաղաքական գործիք: Գիտեմ, շատ կոշտ ու անկապ բանաձեւում է ըրածս, երբ մանաւանդ մերօրեայ քաղաքականութիւնը ունինք աչքի առջեւ:

 

Դ. «Հայաստանի զէնքը՝ Սփիւռքը», արեւմտահայերէնը իբրեւ «միջո՞ց»

Այս բացատրութիւնները զիս չեն խանդավառեր: Աւելի լաւ է Հայաստան եւ Սփիւռք զէնք մը բռնեն, որ լեզուն ըլլայ: Ձեր ըսածը այն է, հասկնալի է, որ Հայաստան Սփիւռքի կարելիութիւնները օգտագործէ աւելիով, աշխարհի չորս ծագերուն ականջ եւ աչք ունենալով: Ըստ իս, աւելի լաւ է՝ առկայ կարելիութիւնները ի գործ դրուին, ամէն մէկ կողմ նախ ինքն իրեն համար, Ձեր նշած «յենակէտերու» գիւտն ու զարգացումը տեղի ունենան, որոնցմէ մէկը, թերեւս ամենէն կարեւորը եւ մեր զրոյցին ալ գլխաւոր նիւթը՝ լեզուն է: Փոխանակ աշխարհի փողոցներուն վրայ «Հայաստան» ու «հայութիւն» պոռալ-կանչելու, հարկ է պեղել այդ յենակէտերուն, յենարաններուն ընդերքը, ճիշդ ինչպէս Ինտրան լեզուն իր կարելիութիւններուն մէջ կը պեղէ: Կենաս տեղդ, ուր որ ես, ու կարենաս պեղել հիմնասիւներդ: Հայաստանը, ի տարբերութիւն Սփիւռքին, ունի պետական հաստատութիւններ, որոնք կրնան, կրնային շատոնց,  այդ դերը կատարել։ Բայց ո՞ւր են այն մտաւորականութիւնը կամ գրականութիւնը՝ եթէ կ’ուզէք, այն յանձնառու խաւն ու արտադրանքը, որ գիտութիւն եւ կիրք խառնելով ապրելու ոճ ունենայ: Ու հրամցնէ՛ զայն: Սփիւռք կամ Հայաստան։

Հայաստանը ի կարողութեան չէ ինքն իրեն օգնելու, ինչպէ՞ս կարենայ Սփիւռքին օգնել։ «Օգնել» մը եթէ կայ, հարկ է միա՛յն երկկողմանի ըլլայ, որովհետեւ Սփիւռքը շատ աւելի կարողութիւն ունի օգնելու Հայաստանին, քան թէ Հայաստանը՝ Սփիւռքին։ Խօսքը անշուշտ նիւթական օժանդակութեան մասին չէ։ Հայաստանը հայրութեան դեր ստանձնելու կարողութենէն շատ հեռու է՝ այսօրուան դրութեամբ, ամէն մակարդակի վրայ։ «Հայրենիք» եզրը գաղափարախօսութիւն չէ անմիջապէս։

Ինծի համար մղձաւանջ է նոյնիսկ երեւակայել, որ արեւմտահայերէնը դառնայ միջոց, աշխարհի հետ հաղորդակցութեան։ Այսինքն գործիք մը, որմով աշխարհ կարելի է մտնել։ Մինչդեռ աշխարհ մտնելու համար հարկ է որ ամէն մարդ իր միջոցները հնարէ, եւ ոչ թէ արեւմտահայերէնը կամ արեւելահայերէնը իր միջոցին վերածէ։ Նորը պէտք է հնարել, ինչպէս Մաշտոց ստիպուեցաւ, երբ Դանիէլեան նշանագրերը հայերէնին չյարմարեցան։ Արեւելահայերէնին չի յարմարիր արեւմտահայերէնը՝ իբրեւ միջոց։ Արեւելահայերէնն ալ արեւմտահայերէնն ալ հաւասար ու հաւասարազօր լեզուաճիւղեր են, պէտք է այդպէս նկատուին, ու երկուքը իրենց կարգին աշխարհին բացուելու իրենց ձեւերը գտնելու են՝ թարգմանութեան միջոցաւ։ Միջոցը թարգմանութիւնն է, ոչ թէ այս կամ այն լեզուաճիւղը։

Այս հարցին հետ անմիջականօրէն կապուած է նաեւ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու խնդիրը, որ ցարդ «գոմէշը ախոռ կապելու» պատկերէն անդին չէ անցած, իր բոլոր դրսեւորումներով՝ համաժողով, խորհրդաժողով, գիտաժողով, այցելութիւն, նուիրատուութիւն, կառուցում, զբօսաշրջիկութիւն եւ այլն։ Ահաւոր է այս անլրջութիւնը։ Եւ տակաւին կայ այն տգէտ փառասիրութիւնը, թէ կարելի է Հայաստան նստած հայոց պատմութեան դասագիրք պատրաստել Սփիւռքի հայագիտական ամպիոնի մը ուսանողներուն համար․․․։ Հետզհետէ աւելի կը յստականայ, որ Հայաստան եւ Սփիւռք իրարմէ երբեք լուր չունին, իրարու պայմանները չեն ճանչնար, չեն ալ անդրադառնար, որ «խորոված»ը հայ միտքին համար հասարակ յայտարար չի կրնար կազմել․․․։

Շատ ուրախ եմ Ձեր համացանցային ծրագրին համար եւ յաջողութիւն կը մաղթեմ։ Սփիւռքի աշակերտներուն «հասած» ժամանակ, հարկ մըն է մանաւա՛նդ հայրենիներուն հասնիլ։ Լեզուն ոչ ներս, ոչ դուրս՝ կը գտնուի բաղձալի բարձրութեան վրայ։ Հայրենի մամուլը, նաեւ երբեմն՝ անոր գրական տեսակները, խանդավառութիւն չեն պատճառեր։ Դպրոցներէն տեղեակ չեմ։ Չեմ սպասեր, չեմ ալ ուզեր, որ խօսակցական հայերէնէն դուրս գան օտար բառեր։ Սակայն գրականին, մամուլի հայերէնին մէջ հայացուէին գոնէ բազմաթիւ բառեր կամ օգտագործուէին անոնց արդէն արեւմտահայերէն տարբերակները։ Լեզուի խստաշունչ պահակութեան հարց մը չեմ տեսներ։ Բնական բայց գիտակից՝ զգացո՛ղ մօտեցում մը, սակայն, լեզուին երկարակեցութեան ու զարգացման կը նպաստէ։ Բայց զարմանալին այն է, որ պետական հովանաւորութիւնը մեծ յաղթանակներու նուաճումին չէ առաջնորդած լեզուն, ըստ երեւոյթին, Հայաստանի մէջ։ Սփիւռքը ունի, ինչպէս առաջին մասին մէջ ըսի, լեզուին հոգալու իր տրամաբանութիւնը։ Ներկայիս Հայաստան ուղեւորութիւնները, ուսուցիչներու որակաւորումը ապահովելու նպատակով, նոր երեւոյթ մը կը ներկայացնեն, թէեւ արեւմտահայերէնին համար Պոլիս կամ Պէյրութ աւելի ճիշդ հասցէներ են, այնքան ատեն որ ուսուցանողները սփիւռքահայեր են։

Վերջին կէտ մը․ թարգմանութիւնը «օտար ափերու» խնդիր չէ միայն, այլ ներքին ափերու նաե՛ւ։ Այլապէս արեւելահայերէնը թարգմանելու կարիք պիտի չունենար։

 

Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն Blog-ի վարչութեան հետ:

 

 

Leave a comment