ՈՐԴ-ՈՐԴԻ

20170606_135759.jpg

ՍՕՍԻ ՄԻՇՈՅԵԱՆ-ՏԱՊՊԱՂԵԱՆ

Որդի բառին վերջին ձայնաւորի՝ «ի»ի անկումով որդ բառը բարդ բառի վերջին բաղադրիչը դարձած է եւ տղու իմաստը պահած: Այսպէս՝ օրիորդ բառը կազմուած է օրի եւ որդ բաղադրիչներէն: Օրի կը նշանակէ իշխան (յիշեցէք՝ Իսրայէլ Օրի = Իսրայէլ իշխան). հետեւաբար՝ օրիորդ բառը նախապէս կը նշանակէր իշխանի որդի (այսինքն՝ տղայ)[1]:

Որդ նախարմատով ունինք նաեւ որդեգիր, որդեակ, որդեկորոյս… եւ այլն, որ զաւակ նշանակելով թէ՛ արականի, թէ՛ իգականի իմաստ ունի, հակառակ անոր որ աւելի արականի թեքում ունի իմաստը:

Բառիմաստի պատմական փոփոխութեան ընթացքին օրիորդ բառը փոխած է իր իմաստը, նշանակելով միայն իշխանի դուստր, ապա իմաստի ընդլայնումով ՝ չամուսնացած աղջիկ, դուստր: Խօսակցական արեւմտահայերէնի իմաստային առաւել փոփոխութեամբ մը, այսօր, օրիորդ կը նշանակէ նաեւ ուսուցչուհի:

Որդի բառի վերջին ձայնաւորին անկումով որդ բառը դարձած է նաեւ ածանց ու բոլորովին այլ իմաստով կը գործածուի: Երբ կ’ըսենք հետեւորդ, ըսել կ’ուզենք հետեւող, գնորդ՝ գնող եւ այլն. որդը հոս բանով մը զբաղողի իմաստը կ’արտայայտէ:

Որդ արմատով ունինք սողունը, իսկ որդան ով Որդան Կարմիրը:

Ժողովրդական բառ ու բանին մէջ շատ գեղեցիկ դարձուածքներու կը հանդիպինք: Այսպէս. երբ քանի մը վայրկեանի համար մրափ կ’ուզես առնել, կ’ըսես. «Աչքիս որդը կտրեմ»:

Բանէ մը հիասթափած, գործի հանդէպ եռանդն ու թափը կորսնցուցած մարդը պիտի ըսէ. «Ներսի որդս մեռաւ արդէն»:

Ամուսինին հաւատարմութեան հանդէպ տարակուսանքէ տառապող կնկան «կասկածի որդը հոգին կը կրծէ», օրինակ:

Ղարաբաղեան բարբառին մէջ խիստ բորբոքած կամ ջղայնացած անձին համար կ’ըսուի. «Ուղեղին որդները (վերթները) տյուրուր կյալ»:

«Փորիս որդը կոտրեցի», կ’ըսէ պատառ մը հաց ուտելով անօթութիւնը մեղմել փորձած անձը:

«Լաւ մը որդերս թափեցի», ըսելով բարեկամուհիս կը պատմէր, թէ ինչպէս տղուն հարսնիքին մեծ ուրախութեամբ պարեր ցատկեր է:

«Քիթին որդը կտրուեցաւ» վերջապէս հպարտ ու գոռոզ մարդուն:

Անհանդարտ ու կրակոտ փոքրիկներուն համար մայրերը կ’ըսեն. «Որդ կայ մէջը, նստիլ չի գիտեր»:

Բարբառներուն մէջ կայ «որդ ըյնիլ» արտայայտութիւնը, որ կը նշանակէ որդոտիլ:

Չմոռնանք թեւաւոր խօսք դարձած «անառակ որդի» արտայայտութիւնը, որ մոլորեալ զաւակի մը համար կ’ըսուի:

Եզրակացնելով  ըսենք, որ «որդ»ը «օրիորդ»ին մէջ աղջիկի իմաստը պահած է, իսկ «որդի»ին մէջ՝ տղու։

6 Յունիս 2017

[1] Աճառեան Հրաչեայ, Հայերէն Արմատական բառարան, Երեւան, 1926, էջ 2648։

Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն Blog-ի վարչութեան հետ: