«ԶԻՍ ՍԻՐԵԼ ՉՄՈՌՆԱՔ»

27497313_845295728985761_1603595581_n

ԾՈՎԻԿ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ

Մանրակազմ, միջահասակ, մազերու յատուկ յարդարումով, հպարտ կեցուածքով, հանդարտ քայլերով ու աջ մատներուն՝ տեւական սիկարէթ։ Հաստ ու մութ ակնոցին ետեւ՝ խորուկ ու գիտակից աշխարհ մը կար պահուըտած:

Այդ տարիներուն չէի գիտեր, որ ուսուցիչները չնչին գումարներով կը շարունակեն իրենց կեանքը։ Ինծի կը թուէր, թէ պրն. Գէորգ Աթոքեան հարուստ էր։ Ան տեւական բծախնդիր, կոկիկ, ճերմակ շապիկով, փողկապով ու փայլուն, մաքուր կօշիկներով էր։ Եթէ պատահէր, որ նոյն սերվիս-ինքնաշարժը նստէինք, դպրոցի ճամբան, ինք կը վճարէր բոլոր աշակերտներուն փոխարէն: Ինք «որդեգրած» կ’ըլլար մեզ որպէս ծնողք, ընկեր, ուսուցիչ։ Ան տպաւորիչ էր իր ազնուական կեցուածքով:

Երբեք չէի հանդիպած իր ջղային պոռթկումին, բացի մէկ անգամէ:

Օր մը դասարան մտաւ եւ ոչ բարձրաձայն, բայց ազդեցիկ ձայնով մը ըսաւ․

– Եթէ հաւատամ, որ դասարանիս մէջ նոյնիսկ մէկ աշակերտ զիս չի սիրեր, ես այդ դասարանը ոտք չեմ կոխեր:

Այս նախադասութիւնը տարիներ շարունակ մէջս աճեցաւ ու հասունցաւ։ Որքա՞ն ինքնավստահ պէտք էր ըլլար անձ մը, որ կարենար այսպիսի համոզմունքի տէր դառնալ:

Յաճախ կը լսեմ աջէն ու ձախէն զզուելի արտայայտութիւններ․ «Այսինչ անձը ինծի կը նախանձի, զիս չի սիրեր, կը բամբասէ, կը չարախօսէ, չարիք կը կամենայ…»։ Զարմանքով կը հետեւիմ այսպէս տրամադրուած մարդոց: Կը հաւատամ ու համոզուած եմ, որ մարդ չի կրնար չսիրել զինք սիրողը կամ չի կրնար չարիք կամենալ բարիք գործողին:

Պրն. Գէորգ հարուստ կեանքի դաս մը տուած էր ինծի իր ջղայնացած միակ պահուն: Նենգամիտ մարդոց հարցը դիմացինին հետ չէ, այլ իրենք իրենց անձին իսկ հետ է։ Փորձենք հասկնալ անոնց բարդութիւններն ու ինչուները:

Երբ մենք վստահ ենք մեր զգացումներուն ու կեցուածքին, անկարելի է որ մեզ ատեն կամ մեր մասին չարախօսեն:

«Զիս սիրել չմոռնաք»:

 

Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն Blog-ի վարչութեան հետ:

 

 

Leave a comment