ԿՈՅՐԸ

ԱՆՈՅՇ ՔԷՕՐՕՂԼԵԱՆ ՄԱՐԱՇԼԵԱՆ

Սուրիոյ պատերազմի օրերէն օր մըն էր։ Կէսօր էր, շուկայէ գնումի համար տունէն վար իջած էի։ Գարնան Ապրիլ ամիսն էր, արեւը կը շողշողար եւ իր ճառագայթներով ամբողջ քաղաքը կը տաքցնէր։ Մարդիկ սէր եւ սիրտ կը վազցնէին։

Դիմացի մայթէն, գաւազանը գետին զարնելով, երբեմն ալ աջ ու ձախ տարուբերելով, կ’անցնէր կոյր մարդ մը, որ ինքնավստահ կը շարունակէր քալել իր գոց սորված ճամբուն ուղղութեամբ։ Երբ դիմաց անցայ, յանկարծ կանգ առաւ։ Նկատեցի անոր դէմքին վրայ շփոթութիւն մը։ Շուրջիններուն օգնութեան պէս հարցում հարցուց, պատասխան չառաւ։ Քիչ մը ձայնը բարձրացուց, թէ ինք ո՞ւր հասած էր, իրեն ըսին, որ Սահէթ Սիուֆի հրապարակէն քիչ մը անդին էր։ Մաքուր հագուած, սեւ ակնոցը աչքին, գոց կանաչ վերարկուով, միջահասակ, վաթսունի մօտ մարդը ուշադրութեանս առարկան դարձաւ, այն համոզումով, որ կրնայի իրեն օգնութեան հասնիլ։

Ինչպէ՞ս պիտի օգնէի, երբ շուրջս կը գտնուէին մահմետական դրացիներ, ինչպէ՞ս պիտի ընդունէին դէպքը, ի՞նչ պիտի ըսէին․ անոնք՝ որոնք պատերազմի օրերուն մեր շուրջը թեփի պէս թափեցան, եկան, խանութներ վարձեցին, տուներ վարձեցին, աշխատանքի ձեռնարկեցին եւ մնացին։

Շունչ մը քաշեցի եւ հանդարտ քայլերով իրեն մօտեցայ, հարցուցի, թէ օգնութիւն կ’ուզէ՞ր։ Այո, նկատողութիւնս տեղին էր, ան մարդու մը պէտք ունէր, որպէսզի դիմացը՝ երկու մայր ճամբաները կտրէր։ Անցումի տեղ չկար, եւ մայր ճամբան պիտի կտրէր։ Աչքերուս լոյսին պէտք ունէր։ Ի՜նչ շնորհք եւ ի՜նչ պարգեւ ունէի տեսողութիւն ունենալուս համար, որ հիմա անոր արժէքը գիտցած էի։ Թեթեւ մը թեւը բռնեցի։ Շատ գոհունակ էր, երբ իգական ձայնս լսեց, եւ շատ խելացի երեւցաւ։ Մարդը իր ֆիզիքական աչքերը կորսնցուցած ըլլալով հանդերձ ուսեալ, զարգացած եւ իմաստուն հարցումներ տուաւ։

– Դուն քրիստոնեայ ըլլալու ես,- ըսաւ։

– Այո,- ըսի,- հայ քրիստոնեայ եմ։

– Հայերը ես շատ լաւ կը ճանչնամ, բարի, խելացի եւ աշխատասէր ժողովուրդ են։ Իրենց երկիրը Հայաստանն է, բայց շրջապատուած են թշնամի ազգերով։ Պէտք է զօրանան, որպէսզի գոյատեւեն,- ըսաւ։

Հաճելի մի քանի վայրկեան անցուցի այս կոյր, բայց զարգացած մարդուն հետ, մինչեւ որ միասին ճամբան կտրեցինք եւ զինք հասցուցի թաղին սկիզբը։

– Հոս նպարավաճառ կին մը կայ, քովը՝ հագուստ ծախողի խանութ մը։

– Այո, ձախին է։

– Ուրեմն, հիմա կրնամ ճամբաս շարունակել, միայն զիս մայթ հանէ։

Շնորհակալութիւն յայտնեց եւ անունս հարցուց, ապա իր ճամբան շարունակեց։

Հալէպ, ընտանիքիս տունը մայր ճամբուն վրայ կը գտնուի, Նոր Գիւղի հայահոծ շրջանը։ Թաղին մէջ կը գտնուէր Հայկական կուրանոցը, ուրկէ ամէն առտու կոյր հայրեր եւ քոյրեր, իրենց ընկերակցողներուն օգնութեամբ, գործարան կու գային խսիրէ աթոռներ եւ տան զարդեղէններ կը պատրաստէին, իրիկուան ալ իրենց տուները կը դառնային։ Ես մի քանի հոգի ճանչցած եմ, որոնք երբեք «կոյր»ի պիտակի տակ չէին դրուեր, ունէին իրենց յատուկ գիրքերը, ունէին նուագելու լաւ կարողութիւն, հաճելի խօսակիցներ էին, ունէին ապրելու եւ պայքարելու զօրաւոր կամք, ապագայի հանդէպ լաւատեսութիւն եւ յոյս իրենց զաւակներուն ապագային հանդէպ․ բաներ, որոնք նոյնիսկ ֆիզիքական աչքեր ունեցողներ չկրցան ունենալ։ Այս մարդիկը սիրով լեցուն իրենց ընտանեկան բոյնը պահեցին։ Իրենց համեստ աշխատանքով, հոգացին իրենց ընտանիքներուն պէտքերը, մինչեւ զանոնք հասցուցին կեանքի ապահով խարիսխ։

Լաւ է ըլլալ կոյր աչօք, քան՝ մտօք։

Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն Blog-ի վարչութեան հետ:

Leave a comment